2014-05-14 12:33:46

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը հրաւիրէ աղօթել` Թուրքիոյ հանքագործարանի զոհերուն եւ նաւաբեկեալներուն համար։


Չորեքշաբթի, 14 մայիսին, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան՝ ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անդրադառնալով, երեքշաբթի, 13 մայիսին, Թուրքիոյ մէկ հանքագործարանի մէջ պատահած արկածի պատճառած զոհերուն, հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու անոնց համար ու հայցեց Տիրոջմէն, որ ննջեցեալները ընդունի իր արքայութեան մէջ եւ սփոփանք շնորհէ անոնց հարազատներուն։
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու նաեւ, վերջերս՝ Միջերկրական ծովուն մէջ նաւաբեկեալ գաղթակններուն։ Սրբազան Հայրը բացագանչեց ''Թող մարդկային իրաւունքները առաջնահերթ տեղ գրաւեն. աղօթենք ասոր համար։ Թող մարդկային իրաւունքները առաջնահերթ տեղ գրաւեն, կրկնեց Սրբազան Հայրը ու աւելցուց թող բոլոր ուժերը միանան կանխարգիլելու համար այսպիսի ամօթալի աղէտներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.